image
Հրատապ լուրեր:

Վիգեն Յովսէփեան. Ալ Կը Բաւէ

Վիգեն Յովսէփեան.  Ալ Կը Բաւէ

Եթէ ըսեմ թէ սկսած եմ յոգնիլ Հայաստանի օրհներգի, «Մեր Հայրենիք»ի մասին վէճերէն, գրառումներէն, ու այդտեղ արձակուած լուտանքներէն, հաւանաբար ճիշտ նկարագրած չեմ ըլլար զգացումներս այդ ամէն ինչի գծով: Հաւանաբար զգացածս աւելի հարազատօրէն ներկայացուցած կ'ըլլամ հիասթափութեան և զզուանքի զոյգ զգացումներով:

Հիասթափութիւն և զզուանք` որովհետեւ իսկապէս չեմ հասկնար թէ այսօր մեր ազգի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրներու առկայութեամբ, այս անմիջական ժամանակաշրջանին, այս ի՞նչ շինծու, անյարմար, եւ ժամանակավրէպ նիւթ է որ հրապարակ նետուած է այս պահուն, ու կ'ապականէ մեր արդէն իսկ վտանգուած ազգային միասնականութիւնը:

Ես ընդհանրապէս դաւադրութիւններու առկայութեան շատ դժուար կը համոզուիմ, և քաղաքագիտութեան գծով մասնագիտական մօտեցումի որպէս հետեւորդ` նաև կը հասկնամ թէ քաղաքականութեան մէջ ոչ ամէն ինչ է որ մինչև վերջ ծրագրուած ու հաշուարկուած կ'ըլլայ, և որ այո, պատահականութիւններ իսկապէս որ շատ կան. պատահականութիւններ, մինչև իսկ քմայքներ, որոնք շատ արագ կը բարդանան, և նոյնիսկ աղետներու, պատերազմներու կ'առաջնորդեն:

Հետեւաբար, երբ կը հետեւիմ այս խիստ արհեստական և անիմաստ վէճին, հարց կը ստեղծուի մտքիս մէջ թէ ինչու՞ այս նիւթը հիմա, ինչու՞ գերլարուած հակադարձող գրոհը հիմա, որոնք բոլորն ալ համոզուած եմ թէ իրականութեան մէջ ոչ օրհներգի մը երաժշտութեան մասին են, ոչ ալ օրհներգի պատմական արժէքին` այլ մեր ազգային միաբանութիւնը աղաւաղող ու պառակտող երեւոյթի մը մասին:

Ականատես եմ մեր ազգային միաբանութիւնը վտանգող, աւելի ևս մաշեցնող գզվռտոցին, և բոլորին, պարզապէս բոլորին կ՛ուզեմ ըսել բա՛ւ է, ալ կը բաւէ՛: Ես չեմ գիտեր թէ այս խնդրահարոյց քննարկումներուն իսկական իմաստն ու անոր համար ժամանակի ընտրութեան տրամաբանութիւնը ճիշտ ի՞նչ են, բայց համոզուած եմ որ անոնք պէտք է որ դադրին անմիջապէս, անոնց վերջ պէտք է դրուի անյապաղ:

Պետութեան մը, իսկ այս պարագային ազգի մը օրհներգը շատ կարևոր բան է: Ան երաժշտական ստեղծագործութիւն չէ, քառեակներու համադրում չէ, այլ անոնցմէ շատ, շատ աւելին է: Օրհներգ մը երկրի մը, ազգի մը հաւաքական ոգիի հայելին է, անոր կամքի սրբազան երդումը: «Մեր Հայրենիքը» մեր հպարտութիւնն է և մեր ազգի հաւաքական յանձնառութեան արտայայտիչը: Ան հարիւրաւոր պետական և զինուորական նուագախումբերու կողմէ իւրացուած, հարիւրաւոր հայ թէ օտար երգչախումբերու կողմէ արդէն իսկ ներկայացուած, ու ամենէ կարևորը` հարիւր հազարաւոր հայ երեխաներու, աշակերտներու կողմէ որպէս աղօթք փայփայուած ազգային օրհներգ է: Արարատին ու մեր պանծալի եռագոյնին կողքին, «Մեր Հայրենիք»ը մեր համաշխարհային ներկայութեան ազգային միաբանութեան խորհրդանիշն է:

Ի սէր Աստուծոյ և յանուն այն հազարաւորներուն որոնք ինկան մեր սրբազան հողին և անկախութեան համար, յանուն մեր ժողովուրդի այն զաւակներուն որոնք Ազատութեան հրապարակին թէ իրենց տան մինակութեան մէջ հպարտութեամբ և յոտընկայս ազգի ազատութիւնն ու անկախութիւնը աւետեցին «Մեր Հայրենիք»ի հզօրութեան ընդմէջէն` դադրեցուցէ՛ք օրհներգի գծով այս արհեստական և անպատուաբեր վէճը:

Այո, երկխօսութիւնները շատ կարևոր են. կարևոր են անոնք տարակարծութիւնները հարթելու, նաև քաղաքական անհամաձայնութիւններ վճռահատելու ուղղութեամբ: Բայց օրհներգի փոփոխութեան նիւթը քաղաքական տարակարծութեան խնդիր չէ, և չի կրնար ըլլալ: Զայն անփոյթ կերպով հրապարակ նետողներէն, մինչև մեզմէ անոնք որոնք զգացուած ու ընդվզած այս նիւթը կը քաշքշեն, բոլորս պիտի հասկնանք որ ոչ թէ միայն այս նիւթի միտք բանին, այլ նոյնիսկ այս նիւթի մասին անկեղծ ու բոցավառ արտայայտութիւններն անգամ կը մաշեցնեն, կը հիւծեն մեր միասնականութիւնը:

Ես կասկած չ՛ունիմ թէ այս վէճն ու քաշքշուքը ի՞նչ աւարտ պիտի ունենան: Կասկած չ՛ունիմ որ այս թոհուբոհին որպէս հետեւանք, «Մեր Հայրենիք»ը պիտի շարունակէ մնալ մեր ազգային արժէքը, մեր օրհներգը: Կասկած չ՛ունիմ որ շատ շուտով ՀՀ Վարչապետն անգամ պիտի միանայ սկիզբ առած խօսակցութեան և իր գերակշիռ խօսքով տրամաբանական վերջ մը պիտի դնէ անոր: Եւ Վարչապետ Փաշինյանը պիտի գայ իր խօսքը ըսելու այս մասին ոչ թէ անոր համար որ օրհներգի գեղարուեստական արժէքին մասին ըսելիք կամ կարծիք ունի, այլ որովհետեւ ինք ամէն ոքէ աւելի հասկցած պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի հաւաքական ուժի ազդեցութիւնը: Ուժ, որ լեռներ կը շարժէ և որուն հետ խաղ տալ կարելի չէ : Ուժ, որուն օդի և ջուրի նման կարիքը ունինք այսօր որպէս երկիր և որպէս ազգ:

Այսուհանդերձ և դժբախտաբար, անկարելի է չ՛ափսոսալ այն բանի մասին որ այս անհեթեթ և արհեստական վէճը քիչ մը աւելիով պիտի դժուարացնէ մեր հաւաքական կամքը հաւաքագրելու ճիգն ու ազգային միասնականութեան տարածքներ ստեղծելու գործը: Կը մնայ յուսալ որ այս անիմաստ մարզանքը որմէ ազգովին կ‘անցնինք այսօր, շատ արագ խեղդուի, և ան մեզ բոլորիս համար լաւ դաս մը ըլլայ այն մասին թէ հաւաքական ոգիի անդորրութիւնը, միասնական ոգիի հզօրութիւնը նոյնքան ու աւելի կարևոր են ու հուժկու քան թշնամիի զինուած ու հզօր բանակները: