image

«Ով որ ճաշարանը ուտելու պիտի երթայ հիւրերուն հետ, ան թող պարէ ...ես չե՛մ պարեր». Թիւճճար Պապուկ

«Ով որ ճաշարանը ուտելու պիտի երթայ հիւրերուն հետ,  ան թող պարէ ...ես չե՛մ պարեր». Թիւճճար Պապուկ

Յակոբ Այնթապլեան

 

Այդ օր  թէ ի՞նչ զրոյց ընթացաւ Արամ Ա. Վեհափառ հօր եւ Թիւճճար Պապուկին միջեւ՝ չեմ գիտեր, բայց հետաքրքրական է իմանալ թէ ի՞նչ պատահեցաւ նախապէս...

Ուրեմն համաձայն մեր գիւղի աւանդութեան, երբ Այնճար այցելութեան կուգան արժանաւոր հիւրեր կամ պատկառելի պատուիրակութիւններ, զանոնք գիւղի մայր հրապարակին վրայ կ՛ընդունինք աւանդական թմբուկ զուռնայով , աղ ու հացով եւ այլն: Եւ բնականաբար խանդավառուած հայրենակիցներ կը բռնեն շուրջպար կամ շատ յաճախ կը նկատուին առանձին մենապարողներ, որոնք «գինովցած» թմբուկ-զուռնային խորհրդաւոր կշռոյթէն՝ կը մենամարտին իրար հետ...
Այս պարային ելոյթներէն բնաւ անմասն չէր մնար Թիւճճար Պապուկը...
Սակայն ի զարմանս շատերու այդ օր ան չշարժեցաւ տեղէն եւ մնաց հանդիսատեսի իր դիրքին վրայ...
Բարեկամներու եւ հարազատներու յորդորները, որ միանայ պարողներուն՝ մնաց անարձագանք. 
Զարմացայ նաեւ ես... ու մօտենալով անոր հարց տուի՝
-Օ եատ՜ա ՝ Կէթիւղկիւ՜սը, Ղարաբաղը Նախագա՜հը ուգուծ ին, չըուա՞յ չու խաղուս...
(Հայրի՜կ՝ Կաթողիկոսը, Ղարաբաղի նախագահը եկած են, ինչո՞ւ չես պարեր)

Հօրս պատասխանը անսպասելի էր...

-Ու՞վըր քեչ մայ սունղը ճաշարանը ուտիլ պըր ուրդոյ միսաֆըրնեն հիտը , ան թըղ խաղու...իս չո՜ւ խաղում...»
(Ո՞վ որ քիչ մը յետոյ ճաշարանը ուտելու պիտի երթայ հիւրերուն հետը , ան թող պարէ ... ես չե՜մ պարեր...)