image
Հրատապ լուրեր:

Շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւն

Շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւն

Մանուէլ Քէշիշեան


Կիրակոս Գույումճեան.-Սոսկ անուն մը չէ այս անունը, միայն Քուէյթահայերուն ծանօթ չէ հայ մտաւորականին ազգային, հասարակական գործունէութիւնը. Կիրակոս Գույումճեան նոյնքան եւ աւելի յայտնի է սակայն արաբական շրջանակներու մէջ. ան, հայկական մշակոյթն ու Հայկական հարցը ծանօթացնող իր յօդուածներով, թրքական խեղաթիւրումները բացայայտող գրութիւններով մշտապէս ներկայ է արաբական ամենատարածուն թերթերուն մէջ: 
Կիրակոս Գույումճեան հայկական կեանքի մէջ մշտապէս ներկայ է նաեւ իր բարեգործութիւններով: Ան չորս տարիներէ ի վեր նաեւ հիմնած է «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը, որ կը շնորհուի Քուէյթաբնակ այն հայ աշակերտին, որ երկրորդականի աւարտական պետական բարձրագոյն նիշը հաւաքած է:


Ուրախութեամբ պէտք է նշել, որ ամէնամեայ այս մրցանակը սկսեալ 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանէն պիտի տրամադրուի նաեւ հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ Հալէպահայ այն աշակերտին, որ պաքալորիայի պետական քննութիւններու լրացուցիչ քննութիւններէն ետք, ամենաբարձր նիշ հաւաքողը պիտի ըլլայ հայկական դպրոց յաճախող հայ աշակերտներուն մէջ: 
2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին այս մրցանակին 2853/2900 նիշով արժանացաւ Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական Վարժարանի շրջանաւարտ Նաթալի Նաճարեանը: Նաթալին նաեւ շատ լաւ պասքէթպոլիսթ է, ան նաեւ գերազանց նիշերու տիրացած է հայերէն լեզուի մէջ: 


Կը մնայ հպարտութեամբ արձանագրել նաեւ, որ սոյն նիւթական հազար հինգ հարիւր ամերիկեան տոլար հանդիսացող այս մրցանակն ու Կիրակոս Գույումճեանի գնահատագիրը պաշտօնապէս Նաթալիին յանձնեց Հայ Գիրի եւ Հայ կրթութեան հովանաւոր՝ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Շահան Սրբազան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը:
Շնորհակալութիւն եւ Շնորհաւորութիւնք: