image

Հոս աս սրահին մէջ, զգացի, որ հալէպահայութիւնը ո՛չ կ՚ըսէ մահուան. Մանուէլ Քէշիշեան

Հոս աս սրահին մէջ,  զգացի, որ հալէպահայութիւնը  ո՛չ կ՚ըսէ մահուան. Մանուէլ Քէշիշեան

Մանուէլ Քէշիշեան


ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ եՐԵՒԱՆԻ 2800 ԱՄԵԱԿԻՆԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ


Հ.Ե.Ը.-ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ»Ի ԱՆՈՒԱՆ ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ԽՄԲԱՎԱՐ՝ ՍԱՐԳԻՍ ԻՍԿԷՆԵԱՆ

ՅԱՅՏԱԳԻՐ՝ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՎԻՎԱԼՏԻ-ԿՈՄԻՏԱՍ-ԿԱՆԱՉԵԱՆ- ՉԱՅՔՈՎՍՔԻ- ՇՈՒՊԷՐԹ- ՍՎԻՏԻՐՈՎ...


Այսօր երեկոյեան ներկայ եղայ եւ մեծ հաճոյքով ունկնդրեցի դասական երաժշտութիւն, հիանալի կատարողութեամբ Հալէպի «Կոմիտաս»ի անուան Սենեկային Նուագախումբի 23 նուագողներուն, այո՛, այո՛, Հալէպի մէջ, Հալէպեան բեմի վրայ, այս օրերուն ըմբոշխնեցի Սուրիոյ միակ սենեկային նուագախումբի դասական երաժշտութիւնը: Վերացայ առօրեայ կեանքէս, հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ստացայ, մոռցայ որ Հալէպի մէջ կը գտնուիմ, ուր տակաւին ծայրամասի թաղերուն վրայ տակաւին կը շարունակեն աւերներ գործել եւ մահ սփռել վեց տարիէ ի վեր արձակուող հաուն-հրասանդներն ու հրթիռները եւ... 
Եւ հոս, հայկական այս սրահին մէջ, հալէպահայութիւնը Ո՛Չ կ'ըսէ մահուան, անոր դէմ կը կռուի արուեստով, բարձր արուեստով, մահուան հետ կը խօսի ամենամարդկային լեզուով՝ երաժշտութեամբ, ազնիւ երաժշտութեամբ ու կը յաղթէ: Կը յաղթեն երիտասարդ շնորհալի նուագողները, խմբավարը, կազմակերպողները, երէկ եւ այսօր լեցուն սրահին մէջ ներկայ եղած լուռ ունկնդիրները եւ անոնց հետ ամբողջ գաղութը: