image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ քահանաները... 100 տարի առաջ...

Պոլսոյ քահանաները... 100   տարի  առաջ...

 Պոլսահայ    կրթական  մշակ  Ճան  Էրզրումօղլու    այսօր  իր դիմատետրի էջին   կը  գրէ ՝

 

 

 «Մօտաւորապէս 100 տարի առաջ գրուած է հետեւեալը: Բարեբախտաբար այլեւս չենք հանդիպիր նման օրինակներու: Պոլսոյ կղերականութիւնը օժտուած է բարձր բարոյականութեամբ:

«Պոլսոյ մէջ բացի արժանաւորներէն, ամէն մարդ իրաւունք ունի քահանայ ըլլալու. բաւական է որ հաստատուի անկարողութիւնը եւ անընդունակութիւնը որեւէ գործի, եւ մէկ-երկու թաղեցիներու պաշտպանութիւնը վայելէ: Իսկոյն երկտող մը Կրօնական Ժողովին, եւ ահա շաբաթ մը վերջ «օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի ճակատ տէր անուն» սնանկասած խանութպանին կամ վաճառատուներէ արտաքսուած գործակատարին կամ անկարող դերձակին, խաբեբայ ոսկերիչին եւ կամ այնպիսի արարածի մը, որ կեանքին մէջ պատուաւոր ապրելուն վրայ երբեք խորհած չէ(բացառութիւնը յարգելով անշուշտ): Ասոր համար է, որ ոեւէ անձ չի զիջանիր Պոլսոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուիլ ու լծակից ըլլալ այնպիսի ողորմելիներու, որոնց բարեւ տալու կ'ամչնայ մարդ:»( Կեանքի Տեսարաններ, Միսաք Գօչունեան, Ժամանակ հրատ, էջ 39)