image
Հրատապ լուրեր:

Քէսապի լուսաւոր դէմքերէն մէկը եւս հրաժեշտ տուաւ... Յակոբ Քորթմոսեան

Քէսապի լուսաւոր դէմքերէն մէկը եւս հրաժեշտ տուաւ... Յակոբ Քորթմոսեան

Խոր ցաւով իմացայ Ժոզէֆ Պապուկին մահուան լուրը: Մարդ, որ իր պարզութեամբ, բարութեամբ, ազնուութեամբ կենդանի դպրոց մը եղած է շատերու համար: Դպրոց, որմէ սորված ենք կեանքը ապրելու ամէնէն կարեւոր յատկութիւններէն մէկը՝ պարզութիւն եւ խոնարհութիւն: Դպրոց, որմէ սորված ենք մեր մշակոյթը սիրել եւ ապրի՛լ մեր մշակոյթով: Դպրոց, որմէ սորված ենք հայրենասիրութիւն, հայրենասիրութիւն ո՛չ թէ վերացական իմաստով, այլ՝ խորքային:

Այս բոլոր յատկութիւնները Ժոզէֆ Պապուկը փոխանցած էր նաեւ իր զաւակներուն եւ թոռներուն: Իր զաւակները, որոնք 1990-ականներուն քանի՜ քանի՝ պատանիներու եւ երիտասարդներու հոգին ու միտքը սնուցած են իրենց Հօրմէն ստացած անգնահատելի արժէքներէն:

Յիշատակդ անթառամ մնայ Սիրելի՛ Ժոզէֆ Պապուկ:
Խունկ եւ աղօթք յիշատակիդ:

Յ.Գ. Ցաւակցութիւններս Ժոզէֆ Պապուկի կողակիցին՝ Ազատուհի Նանային, զաւակներուն՝ Ընկեր Գէորգին, Սեւան Քոյրիկին, Քոյր Լենային, թոռնիկներուն եւ բոլոր հարազատներուն: