image

Կարօ Փայլանի քարոզչական պաստառները նաեւ հայերէն կը ծածանին փողոցները. Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս

Կարօ Փայլանի քարոզչական պաստառները նաեւ հայերէն կը ծածանին փողոցները. Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս

 

Կարօ Փայլանի եւ իր HDP կուսակցութեան, 24 յունիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն համար, յատուկ պատրաստուած քարոզչական պաստառները նաեւ հայերէն, կը ծածանին փողոցները:

Թուրքիոյ մէջ երբ, դեռ չեր արտօնուէր, ընտրութիւններու առթիւ, յատուկ պատրաստուած քարոզչական պաստառներու վրայ թրքերէնէն  բացի այլ լեզուներ գործածել, տողերուս հեղինակը, 2009-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, օգտագործեր էր հայերէն բառեր, սակայն թրքատառ ու յետոյ արդէն սովորութիւն դարձած էր՝ հայերէն, յունարէն, եբրայերէն եւայլն օգտագործել, երբ տողերուս հեղինակին յաջողուած էր ընտրուիլ՝ Քաղաքապետարանի պատգամաւոր ու յետոյ ալ՝  քաղաքապետի տեղակալ: