image

«Գիտէի, որ ծանր հիւանդ էր ու գոյժը այդ պատճառով ալ շատ ցնցիչ չէր»

«Գիտէի, որ ծանր հիւանդ էր ու գոյժը այդ պատճառով ալ շատ ցնցիչ չէր»

Արա Սանճեան-պատմաբան. Լիբանան/ԱՄՆ 

 

Ցաւալի է Կիրակի առաւօտ արթննալ ու իբրեւ առաջին գործ Իկոր Մուրատեանի մահուան առթիւ ֆէյսպուքեան գրառում կատարել։

Գիտէի, որ ծանր հիւանդ էր ու գոյժը այդ պատճառով ալ շատ ցնցիչ չէր։ Բայց ամէն պարագայի բարձր պէտք է գնահատել պատմական անձնաւորութիւն մը, որ 1988-ի առաջին ամիսներուն արդարութեան ձգտող հայութեան երազանքներուն կիզակէտն էր։

Գրելիքս հաւանաբար շատ տարբեր չըլլայ հասակակիցներուս տպաւորութիւններէն ու զգացումներէն։ Ես ալ` իբրեւ երկրորդ կուրսի սփիւռքահայ ուսանող, ներկայ կ՛ըլլայի զանգուածային հանրահաւաքներուն` հազիւհազ հասկնալով իր ռուսերէնը։ Ականատեսն էին այն հանրահաւաքներուն, երբ 1988-ի Մայիսին, Տէր Պետրոսեան, Մանուկեան, Մանուչարեան եւ ընկերներ զինք «գահընկէց» ըրին ու դարձան նոր Ղարաբաղ Կոմիտէն։ Յետոյ, հեռացաւ լուսարձակներէն, բայց խորհրդային իշխանութիւնները տակաւին զինք բաւական վտանգաւոր կը համարէին ու իրեն յաջորդած Ղարաբաղ Կոմիտէի անդամներուն հետ զինք ալ բանտարկեցին Դեկտեմբեր 1988-Մայիս 1989 ամիսներուն։

Աւելի ուշ, 1990-ական թուականներուն Մուրատեանը մօտիկէն ճանչնալու առիթ ունեցայ երբ` ՀՅ Դաշնակցութեան աջակցութեամբ մի քանի անգամ Լիբանան այցելեց` աշխարհաքաղաքական հարցերու մասին ուսումնասիրութիւն կատարելու համար։ Մի քանի գիրքեր ալ հեղինակեց այդ մասին։ Չեմ յիշեր թէ ինչպէ՛ս դասաւորուեցաւ մեր առաջին հանդիպումը, բայց յետոյ անոնք կանոնաւոր բնոյթ ստացան։ Ընդհանրապէս կը խօսէինք յոյժ ժամանակակից իրադարձութիւններու մասին ու քիչ անդրադարձանք 1988-ին։ Ինչ որ վերջինիս մասին բանաւոր լսեցի իրմէ, օր մը կը գրեմ։ Շատ բան չէ, բայց հետաքրքրական է։

Հիմա կ՛ուզեմ աւարտել այն յոյսով, որ մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ չենք մոռնար իր ներդրումը։ Իր ետին կուսակցութիւն մը չձգեց որ իր արժանի կամ չափազանցուած պանծացումով զբաղի։ Ատոր համար ալ, Իկորի պարագային, արհեստավարժ պատմաբաններուն վրայ ինկած պարտաւորութիւնն աւելի մեծ է։