image
Հրատապ լուրեր:

Աւանդութիւն դարձաւ ամէն տարի Յակոբ Օշականի շիրիմը այցելելը. Մանուէլ Քէշիշեան

Աւանդութիւն դարձաւ ամէն տարի Յակոբ Օշականի շիրիմը այցելելը. Մանուէլ Քէշիշեան

Հ.Բ.Ը.Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարանի ԺԱ կարգի աշակերտներու հայերէն դասի նիւթը Յակոբ Օշականն էր- ներկայութեամբ նոյնինքն Յակոբ Օշականին... Այո՛, այո՛, այս օրուան դասապահին ներկայ էր մեծ գրագէտը: 


Հայոց Գերեզմանատան մէջ ուր կը հանգչի Օշականը, հաւաքուած են հայերէն լեզուի ուսուցիչ Լեւոն Շառոյեանի աշակերտները: Օդը լեցուած է Օշականի շունչով, աշակերտները կը զգան անոր ներկայութիւնը, կը խօսին անոր հետ, կ'ըսեն որ իրենք եկած են իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու «Մնացորդաց»ի հեղինակին, կ'ըսեն, որ իրենք հպարտ են իրենց քաղաքի մեծ ննջեցեալով: 


Աշակերտները աղօթքներ կը մրմնջեն, շարականներ կ'երգեն, կ'արտասանեն: Հայերէնի ուսուցիչը չի կրնար յոյսով չի լեցուիլ, այս աշակերտները կը սիրեն հայերէնը, այս աշակերտները կը սորվին հայերէնը:


Այո՛, յուսահատելի չէ մեր մայրենիին վիճակը. քանի դեռ այս շունչը կը տիրէ մեր դպրոցներուն, մեր ուսուցիչներուն եւ մեր աշակերտներուն վրայ, քանի դեռ այս հոգին է մեր մէջ ապրողը, վստահօրէն կարելի է ըսել մայր գաղութին մէջ հայերէնը պիտի ապրի՝ կենսունակօրէն պիտի ապրի: 


Օշականէն ետք աշակերտները կ'ուղղուին դէպի իրենց վարժարանի երբեմնի տնօրէն եւ հայոց լեզուի ուսուցիչ Ալեքսան Աթթարեանի շիրիմը: Աթթարեանի մասին մեծ յուզումով կը խօսի այսօրուայ տնօրէնուհին՝ Օր. Գայիանէ Թիւմպալեանը: 


Աշակերտները չեն կրնար մոռնալ այսօրուան հայերէնի դասապահը. Ինչպէ՞ս մոռնան, չէ՞ որ իրենց վառած մոմերով, ծխած խունկերով յագեցած էր իւրայատուկ այս պահը:


Վերադարձի ճամբուն վրայ՝


-Պարոն, գալ տարուան տասմեկերորդ դասարանցիներն ալ պիտի գա՞ն Օշականին քով: 
-Անշո՛ւշտ: Չէ՞ որ արդէն աւանդութիւն դարձաւ այս այցելութիւնը մեր դպրոցին համար:
-Պարոն, կարելի չէ՞ որ հայկական բոլոր դպրոցներու տասմեկերորդ դասարանցիները միասին գան, չէ՞ որ բոլորն ալ իրենց դասագիրքերով կը ծանօթանան անոր: Ի՛նչ լաւ կ'ըլլայ եթէ բոլորս միասին գանք: 
Ուսուցիչը կը նայի այս աշակերտին, կ'ուրախանայ անոր մտածելակերպով: 
-Ինչո՞ւ չէ՛, անպայման,- կը պատասխանէ, վստահ ըլլալով որ բոլոր աշակերտներն ալ նոյն կերպ պիտի մտածեն, բոլոր պատասխանատուներն ալ: