image
Հրատապ լուրեր:

Երեւան-Պէյրութ օդային չուերթ եւ զգայնութեան երեք հանգրուաններ. Յակոբ Այնթապլեան

Երեւան-Պէյրութ օդային չուերթ եւ զգայնութեան երեք  հանգրուաններ. Յակոբ Այնթապլեան

Երեւան-Պէյրութ օդային չուերթ եւ զգայնութեան երեք  հանգրուաններ 

Առաջին՝


Բաժանումի զգացում՝ խարսխուած այն խոր ու հաստատ համոզումին վրայ որ Հայրենիք է ու կը մնայ մեր հոգիին թռիչք տուող անփոխարինելի կռուանը, որ ան ուժեղ հիմքն է մեր չլուծուած դատին եւ մանաւանդ անսասան խարիսխը ազատ, անկախ ու Միացյալ Հայաստանի կերտումին...


Երկրորդ՝


Վրէժխնդրութեան զգացում. Կ՛անցնիս Արարատի, Արածանիի, Վանի, Եփրատի, Կարսի, Կարինի, Տիարպէքիրի, Ուրֆայի, Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներու երկնակամարէն ու մտքիդ մէջ կ՛ուրուագծուի հերոսական պատմութիւնը մեր պապերուն, կը հիւսուի փառքը հայոց իշխաններուն եւ Մեծն Տիգրաններուն բայց յանկարծ կ՛անդրադառնաս, թէ չար ու դժբախտ օր մը սեւ ու մութ ամպերը մթագնեցին մեր դրախտավայրի երկնակամարը ու ողջ ազգս համամարդկային ամենազարհուրելի Գողգոթան եւ ՈՒ Ցեղասպանութիւնը ապրեցաւ՝ դարձաւ նահատակ անհայրենիք ու անտէր, որովհետեւ ներքեւէն թուրքերը անցան...
Ինքնաբերաբար քրտնաթոր ու զայրացած սարերն ի վար մտքէդ բարձրաղաղակ կը գոռաս «Այսքան չարիք թէ մոռնան մեր որդիք, թող  ողջ աշխարհ հային  կարդայ նախատինք»: 
Ու տակաւին՝
«Ով մարդկային արդարութիւն, թող ես  թքնեմ քու ճակատիդ...»: 

Երրորդ՝


Երախտագիտութեան ու յարգանքի զգացում հանդէպ մայրիներու երկրին՝ Լիբանանի...
Հայոց պատմութեան ամենէն դաժան օրերուն իմ գաղթական պապերուս սիրայօժար օթեւան դարձած այս չքնաղ ծննդավայրս իր պատմութեան ընթացքին հակառակ յաճախակի քաղաքական վերիվայրումներուն քաշողական բան մը ունի իր մէջ...
Նաեւ իր մէջ գրկաբաց տեղաւորած ունի մեր փոքրիկ Հայաստանը՝ Մուսալեռ Այնճարը, որուն կարօտը կը խեղդէ զիս ամէն անգամ որ հեռանամ անկէ...