image

Փոխանակ ուրիշին գլուխով մտահոգուինք, աւելի լաւ է մենք մեր գլխուն ճարը նայինք. Խաժակ Այնթէպլեան

Փոխանակ ուրիշին գլուխով մտահոգուինք, աւելի լաւ է մենք մեր գլխուն ճարը նայինք. Խաժակ Այնթէպլեան

 

Խաժակ Այնթէպլեան
Այս կիրակի ամբողջ Լիբանանը ջիղերուն վրայ նստած է, վարչապետին վերադարձին կը սպասէ: Բոլորին աչքը օդակայանին ճամբան է, իսկ իմ ականջս այս կիրակի ուղտի ոտնաձայներ կը լսէ... 
- Ի՞նչ ուղտ, ի՞նչ ոտնաձայն, երեւի քու ականջներդ բան մը ունին: Այս օրերուն ո՞վ այլեւս ուղտով կը պտտի , չե՞ս տեսներ թէ նոյնիսկ Լիբանանի վարչապետը իր անձնական օդանաւը ունի:
-Երանի իր անձնական օդանաւը չունենար , փոխարէնը իր անձնական գլուխը ունենար... Ո՛չ ինքը այս խայտառակ վիճակին կը հասնէր, ո՛չ ալ մեզի անտանելի այս կացութեան կը մատնէր ...

Անցեալ շաբաթ մէջտեղ ելաւ որ մեր վարչապետին գլուխը կը պատկանի ոչ թէ իրեն, այլ թագաժառանգ Պըն Սալմանին , որ իր կարգին, թէեւ իր անձնական եւ աշխարհի ամենասուղ «եախթ»ը ունի, սակայն տեսնես ասոր գլուխը որո՞ւն կը պատկանի ... 
Ասոր գլուխն ալ կարծես թէ Ամերիկայի նախագահ Տոնալտ Թրամփին կը պատկանի, իսկ այս վերջինիս գլուխը մինչեւ այսօր կը մնայ կասկածելի ...Տակաւին պարզուած չէ եթէ անոր ուսերուն վրայ ընդհանրապէս գլուխ գոյութիւն ունի..
Այսպէս անգլուխ ժամանակներու մէջ կ՚ապրինք ու փոխանակ ուրիշին գլուխով մտահոգուինք , աւելի լաւ է մենք մեր գլխուն ճարը նայինք ... 
Ես օրինակ , ինչպէս գիտէք , այս կիրակի նորէն «մանղալը» պիտի վառեմ : Խորհուրդ կուտամ դուք ալ նոյնը կատարէք , հանգիստ մտքով ձեր մանղալը վառեցէք , վարչապետին վերադարձին մի սպասէք , ան քիչիկ մը պիտի ուշանայ, որովհետեւ այս անգամ կարծես թէ ան ուղտով Լիբանան պիտի վերադառնայ...