image

Արցունքը աչքերուս կը գրեմ այս տողերը. Թամար Եագուպեան Պետրճիքեան

Արցունքը աչքերուս կը գրեմ այս տողերը. Թամար Եագուպեան Պետրճիքեան

Քառասուն օրեր մեզմէ հեռու... 
Քառասուն օրեր մեզմէ բաժան...

Բայց ոչ մէկ վարկեան մեր յիշողութիւններեն բաձակայ:
 

Սիրելի հայրս,
Արցունքը աչքերուս կը գրեմ այս տողերը,
այո, վարժ չէի ամէն օր տեսնել քեզի, բայց հիմնական էր ամէն ուրբաթ ձայնդ լսել հեռախօսով.
Արդե՞օք երազ էր ապրածնիս և կեանքը այնքան արագ ընթացքը առաւ մեր հետ:


Թեր շատ թարմ է ամէն բան յիշողությանս մէջ: 
Մեր ընտանեկան հաւաքները...
Մեր ընտանեկան պտոյտները..
Մեր ընտանեկան ճամբորդութիւնները..
Շատ կը փափաքէի զաւակներս քեզի մօտեն ճանչնային, քու անձիդ մեծութիւնը վայելէին բայց պատերազմը արգելք եղաւ այս բոլորին, իսկ երբ առիթը պիտի ունենայինք մեր ծրագիրները իրականացնելու, անգութ մահը քեզի յաւիտենական մեզմէ հեռացուց:


Շատ սիրելի հայրս, Ժանէթան եւ Յասմիկը քիչ թէ շատ կը յիշեն Եսայի պապուկը:
Բայց Արեւիկին ինչպէ՞ս բացատրեմ քու անձդ:
Արդեօ՞ք ըսեմ կար ու չկար մեծ ու վեհ մարդ մը կար անունը Եսայի պապուկ:
Մխիթարութիւն չկայ քու կորուստիդ:
Բայց Աստուծոյ կամքն է որ եղաւ:
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ:
Երկնքի արքայութեան արժանի դառնաս:
Անմահ ես մեր մէջ յաւիտենական: