image
Հրատապ լուրեր:

Բախտս բերաւ որ ազգային այս դանակը իմ ոսկորիս չհասաւ... Խաժակ Այնթէպլեան

Բախտս բերաւ որ ազգային այս դանակը իմ ոսկորիս չհասաւ... Խաժակ Այնթէպլեան

Այս կիրակի ձեր բոլորին առողջութիւն կը մաղթեմ ու կը խնդրեմ ներողամիտ գտնուիք , որովհետեւ անցնող շաբաթ քիչ մը ծանր կռիփ էի, քիթս գոց էր, ականջներս չէին լսեր աչքերս ալ աջը ձախէն չէին զատեր...

Այսպէս աշխարհէն կտրուած, ոչ բամբասանք կրցայ լսել , ոչ ալ երկար բարակ բան մը գրել:

Իմ ձեռքս չէր: Սկիզբը թեթեւ հարբուխ մը կարծեցի ու երկու հատ «փանատոլ» կլլեցի, բայց երբ տաքութիւնս շատ բարձրացաւ ,վիճակս բաւական լրջացաւ... Ու յիշեցի, թէ կռիփին միակ ճարը մեծ մայրիկիս դեղատոմսն է ՝ բուրդէ գազակ մը հագայ , անկողին մտայ ու լաւ մը քրտնեցայ... Կամաց-կամաց մարմնիս դիմադրութիւնը բարձրացաւ, կռիփի վարակը ջախջախուեցաւ ու տաքութիւնս նուազեցաւ : Ուրախ զուարթ անկողինէս վար իջայ, լուացուեցայ, սափրուեցայ, անուշիկ շապիկս հագայ (յիշեցի՞ք որ մէկը) ու տունէն դուրս ելայ :

Մեր սփիւռքի փողոցներէն անցած ատեն, նկատեցի թէ այստեղ տեսակ մը թուլութիւն գոյութիւն ունի: Կարծես մեր ազգին այս հատուածին տաքութիւնն ալ բարձրացած է: Կրնա՞յ ըլլալ թէ ազգային կռիփ մը մեզ վարակած է ...

Զարմանալի ժողովուրդ ենք... Քանի տարի է՝ սփիւռքի թուլութեան մասին կը խօսինք բայց փոխանակ դեղ ու դարման ստեղծենք , ազգին գլխուն վիրաբուժներ հաւաքած ենք:

Ասոնք ալ դանակը ձեռքերնին կը սպասեն, թէ սփիւռքի ո՞ր հատուածը ազգային բորբոքումէն պիտի փտի, որպէսզի զայն կտրեն նետեն , վերջն ալ վարպետօրէն յայտարարեն թէ իրենք ազգը կը բուժեն:

Սատանային ականջը խուլ, այս կիրակի իմ կռիփս լաւացաւ: Բախտս բերաւ որ ազգային այս դանակը իմ ոսկորիս չհասաւ...

 

 Խաժակ Այնթէպլեան