image

Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի պատմական այցը՝ Հալէպ

Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն   Ա. Կաթողիկոսի  պատմական  այցը՝ Հալէպ

Հալէպահայ   հասարակական գործիչ Մաթիկ Էպլիղաթեան  կը գրէ.


Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս հովուապետական միակ այցելութիւնը շնորհեց Սուրիահայութեան 1972 թուականի 3-13 դեկտեմբերի տասնօրեակին: Այդ օրերուն Սուրիահայ գաղութի զաւակները արդէն թօթափած էին տարագրութեան ցուպը, եւ սկսած էր գաղթօճախի զարթօնքի, ծաղկումի եւ շինարարական ժամանակաշրջանը: Արդէն քառասունեօթը տարիներ անցած են այդ թուականէն, որուն վերջին եօթնամեակը յատկանշուեցաւ Հալէպի Հայաբոյր գաղութի նօսրացման եւ պատմական կառոյցներու քանդումին: Յառաջիկայ շաբաթավերջին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի ձեռամբ պիտի Սրբագործուի աւելի քան կէս դար պատմութիւն ունեցող վերանորոգուած Մայր եկեղեցին, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային Իշխանութեան ջանքերով, պետական նեցուկով եւ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն նուիրատւութիւններով իրագործուած այս աշխատանքը, սեւեռակէտն է համայն Հայութեան յատկապէս աշխարհասփիւռ Հալէպահայերուն, որոնք Հալէպատրոփ կը հետեւին այս պատմական օրերուն: Վերի նկարը կիրակի 12 Դեկտեմբեր1972-ին, Խորէն Ա. Կաթողիկոս իր այցելութեան աւարտին կը պատարագէ Ս.Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, կը սպասարկեն՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Չօլոյեան, որ այդ շրջանին քարոզիչ եւ ուսուցիչ էր Հալէպի մէջ: Բուռվարակիրները՝ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Խաժակ Վրդ. Յակոբեան եւ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Վահան Վրդ. Պէրպէրեան, ետեւը աջին՝սարկաւագի բաժինը երգողը՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան (կարգաթող ապա ննջեցեալ), ետեւը ձախին քշոցակիր Տ. Գրիգոր Քհն.Ղազարեան (նահատակ անարք ոճիրի մը հետեւանքով 1984-ին):