image

Եէմէնի «Հուսիներ»ը աննախադէպ քայլով մը հարուածեցին Ռիատը

Եէմէնի «Հուսիներ»ը աննախադէպ քայլով մը հարուածեցին Ռիատը

Եէմէնի պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր առաջ ին անգամ ըլլալով Ռիատ թիրախ դարձած  հրթիռարձակումներու: Այս մասին լուրը հաղորդած է «Հուսի զինեալներու «Ալ Մասիրա» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ հրթիռները ինկած են Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի  տարբեր հատուածներուն վրայ:

Իրենց կարգին Սէուտական աղբիւրներ յայտնած են, որ բանակի հակօդային ուժեր յաջողած են վար առնել Եէմէնի կողմէն արձակուած պալիսթեան հրթիռներ: