Իրանի պետական ալիքին հաղորդմամբ երկրի ներքին գիծին վրայ գործող քաղաքացիական օդանաւ մը անհետացած է: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մայրաքաղաք Թեհրանէն դէպի Եասուճ ուղեւորուող օդանաւ մէկ ժամ առաջ անհետացած է օդային ճանապարհները վերահսկող ռատարներէն:
Օդանաւի մէջ եղող ուղեւորներուն մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: