Զինուորական օդանաւ մը կործանուեցաւ Միսիսիփի նահանգին մօտ. Կան զոհեր
Ամերիկեան KC 130 տիպի զինուորական օդանաւ մը ջախջախուած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ ամերիկեան NBC կայանը: Աղբիւրը կը նշէ, որ օդանաւը կործանած է Միսիսիբի նահանգի մօտ եղող Ճաքսոն քաղաքին մերձ եւ անոր մէջ գտնուող բոլոր 16 զինուորները զոհուած են: