image

Երկրաշարժ Ինտոնէզիայի մէջ․ կան զոհեր եւ աւերածութիւններ

Երկրաշարժ Ինտոնէզիայի մէջ․ կան զոհեր եւ աւերածութիւններ

Այսօր առաւօտեան Ինտոնէզիայի մէջ 6.4 ռէխթր ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է: Նշենք որ 3 օր առաջ նոյնպէս 5,6 աստիճանի երկրաշարժ գրանցուած էր: Տեղական բանակի մէկ աղբիւրին համաձայն զոհերու թիւը հասած է 92-ի. 300 մարդ վնասուած է, որոնցմէ 73-ի վիճակը ծանր է:

Աղբիւրի համաձայն վնասուած տուներու թիւը հասած է 125-ի, խանութներ՝ 105-ի, բացի այդ վնասուած են նաեւ 4 մզկիթներ: