image

Կրակոց Պըրլինկթընի մէջ. Զոհուած են 3 կիներ

Կրակոց Պըրլինկթընի մէջ. Զոհուած են 3 կիներ

Զինեալ մը կրակ բանալով սպաննած է 3 կիներ Պըրլինկթըն քաղաքին մէջ եղող առեւտրական համալիրի մը մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած են 3 կիներ եւ կայ ծանր վիրաւորեալ մը: Ըստ շրջանի ոստիկանութեան բանբերին, արարքը կատարուած է Լատին ամերիկացի դիմագծերով անձ մը, որուն որոնման աշխատանքները կը շարունակուին: Յիշեցնենք, որ  Պըրլինկթընը կը գտնուի    Սիաթըլէն 105  քլմ. հեռաւորութեան  վրայ: