image

Ռուսական ծովուժը 3 «Քրուզ» հրթիռներ արձակած է դէպի Սուրիա

Ռուսական  ծովուժը     3  «Քրուզ»   հրթիռներ արձակած է դէպի Սուրիա

Միջերկրականեան ջուրերուն մէջ  եղող ռուսական ծովուժը հեռահար հասողութիւն ունեցող հրթիռներ արձակած է Սուրիոյ ուղղութեամբ: Այս մասին լուրը հաստատած է   Ռուսիոյ Պաշտպանութեան  Նախարարութիւնը, փոխանցելով  նաեւ, որ   ծովուժը  Սուրիոյ ահաբեկիչ զինեալներու  դիրքերուն ուղղութեամբ «Քրուզ» տիպի  երեք հրթիռներ արձակած է:   Ցարդ  այլ տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: