Պէլճիքայի ոստիկանութեան մէկ բանբերը քիչ առաջ յայտնեց, որ ձերբակալուած է երէկ Պրիւքսէլի մէջ եղած ահաբեկչութեան երրորդ պատասխանատուն: Ձերբակալեալը կը կոչուի Նաժըմ Ալ Աշրաուի եւ 1991 -ի ծնունդ է: Նշենք, որ ոստիկանութիւնը նախօրօք յայտնած էր, որ երէկուան ահաբեկչութեան կազմակերպիչները Պաքրաուի եղբայրներն են, որոնք անմիջական կապ ունին Սալահ Ապտըլ Սալամին հետ: