image

Իրանէն դէպի Հայաստան մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչի մաքսանենգումը խափանուած է

Իրանէն   դէպի Հայաստան  մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչի   մաքսանենգումը խափանուած է

Իրանի  Իսլամական  Հանրապետութենէն   դէպի Հայաստան  մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչի   մաքսանենգումը խափանուած է։ Այս մասին լուրը կը յայտնէ Պետական եկամուտներու կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:     

Աղբիւրը նշած է թէ Մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները  «Ագարակ» պետական սահմանային անցակէտը, Իրանէն Մեղրի  հանրակառքով  ժամանած Իրանի քաղաքացիի  նստատեղիի  տակէն յայտնաբերած են 102.09 կրամ թմրանիւթի նման սպիտակ, բիւրեղանման զանգուածներ: Զննութենէ ետք  բացայայտուած է նաեւ 29.08 կրամ «հերոյին» տեսակի նման բաց շագանակագոյն զանգուած: Պետական եկամուտներու կոմիտէի աշխատակիցները թաքստոցէն յայտնաբերած են նաեւ առանց մակնիշի  53 դեղահատեր, որոնք  ըստ Իրանի քաղաքացիին՝ թմրամիջոցներ են:

Յայտնաբերուած նիւթերը տրամադրուած են Պետական եկամուտներու կոմիտէի քննչական վարչութեան: Յարուցուած  է քրէական գործ: Իրանի  Իսլամական  Հանրապետութեան քաղաքացին  ձերբակալուած է: