image

Փարիզի «Նոթըր տամ»ը յայտնուած է փլուզուելու վտանգին առջեւ

Փարիզի «Նոթըր տամ»ը յայտնուած է փլուզուելու վտանգին առջեւ

Փարիզի Աստուածամօր տաճարի փլուզման վտանգը դեռ առկայ է: Այս մասին յայտնած է «Ռիա Նովոսթի»ն, յղում կատարելով  ֆրանսական աղբիւրին:

«Անկանոն շոգի պատճառաւ նոր քարեր ինկած են տաճարի կամարաշարէն», - նշած է Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութիւնը, իր յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը հաղորդած է նաեւ, որ տաճարի յետագայ կործանման կանխարգելման աշխատանքները ժամանակաւորապէս դադրած են: Տասը օրուան ընթացքին պիտի իրականացուին կապարի տարածման հետեւանքով աղտոտած շէնքի եւ յարակից տարածքի մաքրութեան աշխատանքները:

Իսկ վերականգնողական աշխատանքները պիտի սկսին 2020 թուականի կիսուն: