image
Հրատապ լուրեր:

Մէրքէլ խօսած է յստակ ժամկէտի մասին.Ան քաղաքական կեանքէն պիտի հեռանայ 2021-ին

Մէրքէլ խօսած է  յստակ ժամկէտի մասին.Ան  քաղաքական կեանքէն պիտի հեռանայ  2021-ին

Գերմանիոյ վարչապետ  Անկելա Մէրքէլը հաստատած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտեսթագ) յաջորդ ընտրութիւններէն յետոյ, որոնք տեղի պիտի ունենան  2021-ին, այլեւս  մտադիր չէ քաղաքականութեամբ զբաղիլ: Այս մասին Մերքելը յայտարարած է երեքշաբթի օր:

«Այո, այլեւս չեմ ցանկանար գործօն  քաղաքական պաշտօններ վարել: Ի հարկէ, ես կը շարունակեմ քաղաքական մարդ ըլլալ, սակայն գործօն  քաղաքականութեամբ զբաղելու  չեմ պատրաստուիր»,- ըսած է Մէրքէլը:

Նշենք որ 2018-ի վերջերը Մէրքէլը հեռացած է Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան նախագահի պաշտօնէն, սակայն շարունակած է վարել վարչապետի պաշտօնը: Ըստ Մէրքէլի ան պատրաստ  է մինչեւ վերջ, այսինքն՝ մինչեւ 2021 աշխատիլ որպէս Վարչապետ իր չորրորդ ժամկէտով:

Մէրքէլ  ցանկացած է, որ 50 տարիներ ետք, պատմութիւնը յիշէ որ ինք ջանասիրաբար կատարած է իր պարտականութիւնները:

Լուրը՝ ТАСС գործակալութիւն՝ յղում կատարելով գերմանական աղբիւրին: