image

Միացեալ Նահանգներ պատիժներ սահմանած է երկու հայկական ընկերութեանց դէմ

Միացեալ Նահանգներ պատիժներ սահմանած է երկու հայկական ընկերութեանց դէմ

ԱՄՆի առեւտուրի նախարարութիւնը իր սեւ ցուցակին մէջ ներառած է կարգ մը ընկերութիւններ, աւելի քան տասը երկրներէ, նաեւ Հայաստանէն:

Պատժամիջոցային ցանկին մէջ ընդգրկուած են երկու հայկական ընկերութիւններ՝ «Մարքել»ը եւ Երեւանի կապի միջոցներու գիտահետազօտական հաստատութիւնը: 

Նշեալ երկրորդ ընկերութիւնը «ապրանքներ ստացած է ԱՄՆ Արդիւնաբերութեան եւ անվտանգութեան բիւրոյի «Առեւտրային վերահսկողութեան ցուցակ»էն եւ վերաարտահանած է,  առանց անհրաժեշտ արտօնագիրներու: Հաստատութեան տնօրէնը, որ միեւնոյն ժամանակ «Մարքել»ի նախագահն է, կ'աշխատի  իրանական կազմակերպութեան հետ, որ իր հերթին  ամերիկեան պատժամիջոցներու տակ կը գտնուի»,- նշուած է  ԱՄՆի հրապարակած փաստաթուղթերուն մէջ:

ԱՄՆի առեւտուրի նախարարութեան պատժամիջոցային ցանկին մէջ կան նաեւ ՌԴ-էն, Վրաստանէն, Պելճիքայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Գանատայէն, Չինաստանէն, ՀոնկՔոնկէն, Մալայզիայէն, Հոլանտայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ընկերութիւններ:

Ամերիկեան իշխանութիւններու կարծիքով՝ այդ ընկերութիւններու գործունէութիւնը կը հակասէ ԱՄՆի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան շահերուն:

Սահմանափակումները  պիտի իրագործուին 14 օգոստոսէն սկսեալ: