Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն մասնակից պատուիրակութիւնները Ծիծեռնակբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ 7-րդ խաղերուն մասնակիցները նախ ծաղիկներ խոնարհեցին յուշահամալիրին մէջ, այնուհետեւ այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան:
«Համահայկական այս խաղերը նոր թափ ստացան անով, որ բացումը տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ… Հիմա ամբողջական ենք՝ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է համահայկական խաղերու համաշխարհային խորհուրդի անդամ Սեպուհ Պաղտոյեան: Վիեննայի պատուիրականութեան ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ խաղերուն խորհուրդը կ՝իրականանայ` հայերը միասնական են… Մասնակիցներուն մէջ նոյնիսկ սիրահարուած զոյգեր կան արդէն: «Արցախի ժողովուրդը հրաշալի ընդունեց մեզ: Հպարտ ենք եւ երախտապարտ իրենց»,- եզրափակած է ան:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Իշխան Զաքարեանի խօսքով` խաղերուն կը մասնակցին եղեռնազարկ ժողովուրդի յետնորդները, եւ այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ արդէն աւանդական դարձած է խաղերուն համար: «Գիրքերուն մէջ կարդալը այլ է, այստեղ ըլլալը` այլ»,- ըսած է ան:
Համահայկական խաղերուն ընթացքին Օգոստոս 13-ը հանգիստի օր է, եւ պատուիրակութիւնները կ՝այցելեն Գառնի եւ Գեղարդ:
Նշենք, որ 7-րդ համահայկական ամառնային խաղերուն այս տարի կը մասնակցին շուրջ 5000 մարզիկներ ՝ աշխարհի 35 երկրի եւ 160 քաղաքէ: