image

25 տարեկան երիտասարդ մը խեղդամահ եղած է Սեւանի մէջ. Ան կը փորձէր օգնութեան հասնիլ վտանգուած պատանիին

25 տարեկան   երիտասարդ մը խեղդամահ եղած է Սեւանի մէջ. Ան  կը փորձէր  օգնութեան հասնիլ վտանգուած պատանիին

11 Օգոստոսին, ժամը 13:23-ին,  «911» ծառայութիւնը  ահազանգ ստացած է, որ Սեւանայ  լճի «Լակունա լողափ»ը, կան խեղդուողներ. հարկաւոր է  փրկարարներու օգնութիւնը:

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարար Ծառայութեան  յատուկ  փրկարարական ջոկատ մը։

Մինչ փրկարարներուն դէպքի վայր հասնիլը, քաղաքացիները կրցած են խեղդուողներէն  մին  (13 տարեկան) ազատել:

Իսկ Փրկարարները ջուրէն դուրս հանած են 25 տարեկան Ս.Բ.-ի դիակը:

Նշուած է, որ  խեղդամահ  եղած երիտասարդը կը փորձէր փրկել      13-ամեայ    պատանին։

Յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պարզուին: