Զազրելի ոճիր մը գրանցուած է Լիբանանի մէջ։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականը նշելով նաեւ, որ Պրմանա-Մար Շըհիա-Մըզըքէ շրջաններու քաղաքապետ վարդապետը ՝Էլի Նաժժար այս առաւօտուն սպաննուած գտնուած է վանատան իր սենեակին մէջ։
Ապահովական մարմիններ, որ անմիջապէս քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ նաեւ նշած են, որ սպաննուած վարդապետը կրակոցներ ստացած է իր գլուխէն։