
Ուքրանիոյ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը վերջ գտաւ: «ՌԻԱ նովոսթի»-ն կը հաղորդէ, թէ ըստ առաջին հրապարակուած արդիւնքներուն՝ Գերագոյն խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջատարն է Զելենսքիի «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութիւնը:
Ազգային էքզիթ փոլը վկայած է, որ խորհրդարան կը մտնեն 5 կուսակցութիւն, իսկ առաջատար «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութիւնը հաւաքած է ձայներու 43.9 տոկոսը:
Ըստ «112 Ուքրանիա» հեռատեսիլային կայանի կատարած հարցման՝ նախագահի կուսկացութիւնը հաւաքած է ձայներու 42.7 տոկոսը, «Ընդդիմադիր հարթակ՝ յանուն կեանքի» միաւորումը երկրորդն է ձայներու 12.9 տոկոսով: Պորոշենքոյի կուսակցութիւնը հաւաքած է 8.8 տոկոս ձայն, Թիմոշենքոյի կուսակցութիւնը՝ 8.5 տոկոս, Սվեաթոսլաւ Վակարչուկի «Կոլոս» կուսակցութիւնը՝ 6.5 տոկոս:
Կը հաղորդեն թէ, նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին շնորահակալութիւն յայտնած է ուքրանացիներուն իր կուսակցութեան աջակցելու համար:

















