image

Ալժիրցիք «չդիմացան» յաղթանակին ... Անոնք վնասած են Շարլ Տը Կոլի արձանը

Ալժիրցիք  «չդիմացան»  յաղթանակին ... Անոնք վնասած են Շարլ Տը Կոլի արձանը

Ալժիրցի երկրպագուները վնասած են Ֆրանսայի առաջին նախագահ Շարլ Տը Կոլի քանդակը: Ինչպէս կը յայտնէ Gazeta.ru-ն՝ յղում ընելով ֆրանսական ռատիոյին, երկրպագուները փրցուցած են պրոնզէ արձանի կօշիկներու մէկ մասը:


Կը նշուի, որ քանդակը Էւրէ քաղաքի մէջ տեղադրուած էր 18 յուլիսին: «Ինչպէս բոլոր բնակիչները, ես նոյնպէս ցնցուած եմ: Բացի անկէ, որ քանդակը վար նետած են, այն խորհրդանշական իմաստ կը պարունակէ: Զօրավար Տը Կոլն էր Ալժիրի անկախութիւնը հռչակողը: Շատ ցաւալի է, որ այդ կարգազանցները պատմութիւն չեն գիտեր»,- ըսած է Էւրէի քաղաքապետ Կի Լեֆրանը:

Կատարուածի առնչութեամբ հետաքննութիւն կ'իրականացուի:

Ալժիրի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 1:0 հաշուով յաղթանակ տարած է Սենէկալի հաւաքականի նկատմամբ Ափրիկեան ազգերու գաւաթի եզրափակիչին: Յաղթանակը երկրպագուները տօնելու համար դուրս եկած են ֆրանսական քաղաքներու փողոցներ: