image

Տաւութօղլուն «փորձա՞նք». Անոր հետ հարցազրոյց կատարած լրագրողը գործէն վտարուած է

Տաւութօղլուն «փորձա՞նք». Անոր հետ հարցազրոյց կատարած լրագրողը գործէն վտարուած է

Ռուսական Սփութնիքի թրքական ծառայութեան լրագրող Եաւուզ Օղուզհանը Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուին հարցազրոյցի կանչելէ ետք ազատուած է աշխատանքէն։

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Տաւութօղլուն Twitter-ի իր էջին գրած է, որ իրեն հարցազրոյցի կանչելէ ետք ազատած են հարցազրոյց ըրած լրագրողը։ Տաւութօղլուն նշած է, որ լրագրողը ընդամէնը իր գործը  ըրած է եւ անթոյլատրելի է նման քայլեր լրագրողներու դէմ։