image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան պիտի փայլի Պիքֆայա գաւառակի փառատօնին

Հայաստան պիտի  փայլի  Պիքֆայա գաւառակի   փառատօնին

 Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի 14 Յուլիսին, Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» փառատօնը` կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Վահէ Գալինճեանին եւ գործակցութեամբ Պիքֆայայի քաղաքապետարանին: Այս ձեռնարկին նպատակն է հայկական մշակոյթը իր բոլոր երեսներով ներկայացնել լիբանանեան եւ հայ հասարակութեան:

 

Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն «Ժողովրդական արուեստի հանգոյց» կրթամշակութային հիմնադրամը` հայկական գորգերու  ցուցադրութեամբ ու վարպետութեան դասերով, «Գորիսի կանանց զարգացման ռեսուրս կեդրոն հիմնադրամը»` Գորիս քաղաքի բնական բուրդէ պատրաստուած գորգերու, ինչպէս նաեւ այլ ձեռագործ իրերու ու խաղալիքներու ցուցահանդէսով ու վարպետութեան դասով, «ԱրմՌութ» ապրանքանիշը` հայկական ճարտարապետութեան ու ուրարտական արուեստի նիւթերով պատրաստուած արծաթեայ զարդերու ցուցադրութեամբ, «Արփի Աւդալեան» ապրանքանիշը` ասեղնագործերու ու համանուն զարդերու ցուցադրութեամբ, «Մուրադեան» ապրանքանիշը` հայկական ասեղնագործութենէն ներշնչուած զարդերու ու հագուստի ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ խումբին կ՛ուղեկցին եւ ելոյթ պիտի ունենան տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներ Արփինէ Տորոզեանը տուտուկի ու Սուսաննա Մանասերեանը քանոնի երաժշտական կատարումներու նուագակցութեամբ:

 

Փառատօնին առաջին օրը` Շաբաթ, իբրեւ հիւրասիրութիւն, բոլոր ներկաներուն պիտի հրամցուին հայկական անուշեղէններու տեսակներ, ղափամայ եւ հայկական քոնիաք, իսկ երկրորդ օրը` աւանդական ժինկեալով հաց:

 

 Լուրը ՝ «Ազդակ»էն