image
Հրատապ լուրեր:

Մասիս շրջանի արկած. Յայտնի դարձած մահացած կնոջ ինքնութիւնը

Մասիս շրջանի արկած. Յայտնի դարձած մահացած  կնոջ ինքնութիւնը

Պարզուած է Արարատ մարզի Զոդի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած ողբերգական ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած, «Կազէլ»ի ուղեւորներէն մէկուն ինքնութիւնը: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէի բաժնի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը։

«Դատակենեդիքական» փորձաքննութիւնը պարզած է, որ մահացածը Երասխ գիւղի բնակիչ, 1964 թուականի ծնունդ՝ Սոֆիա Ոսկանեանն է։

Յիշեցնենք, որ 6 յուլիսին՝ ժամը 15:15-ին, «911» ծառայութիւնը տեղեկութիւն ստացած էր, որ Արարատի մարզի Զոդի կամուրջին վրայ, տեղի ունեցած է ՃՏՊ (ճանապարհատրանսփորթային պատահար). իրար բախեր են երեք ինքնաշարժ: Մահացողներուն թիւը 7 է, իսկ տուժածներուն՝ 13:

Դէպքի կապակցութեամբ յարուցուած է քրէական գործ ՔՕ 242-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (ճանապարհային երթեւեկութեան կամ փոխադրամիջոցնեու շահագործման կանոնները խախտելը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է երկու կամ աւլի մարդու մահ): 8 յուլիսին ձերբակալուած է Toyota Hilux-ի վարորդ Սողոմոն Յակոբեանը ։