image

Արցախէն լաւ լուր. Նուազած են ամուսնալուծութիւնները

Արցախէն լաւ լուր. Նուազած են ամուսնալուծութիւնները

Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է 96 ամուսնալուծութեան դէպք` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 102-ի փոխարէն:

Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է  ԱՀ արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակից Լիանա Միրզոյեան:

Անոր խօսքով` ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Արցախի մէջ արձանագրուած է 327  ամուսնութիւն`  նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի  338-ի փոխարէն:

«Ամենաշատ ամուսնութիւնները արձանագրուած է Ստեփանակերտի մէջ` 138, նախորդ տարուան 132-ի փոխարէն, իսկ շրջաններէն Մարտունիի մէջ` 44, նախորդ տարուան 41-ի փոխարէն»,-տեղեկացուցած է Միրզոյեան: