image
Հրատապ լուրեր:

Մեզի համար հոլոքոսթն ու խառն ամուսնութիւնները նոյնն են. Իսրայէլացի նախարար

Մեզի համար հոլոքոսթն ու խառն ամուսնութիւնները նոյնն են. Իսրայէլացի նախարար

Իսրայէլի կրթութեան նախարար Րաֆի Փերեցը կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի հրեաներուն եւ ոչ հրեաներուն միջեւ խառն ամուսնութիւնները կարծես երկրորդ Հոլոքոսթ են: Այս յայտարարութեան բացասաբար արձագանգած են  ամերիկաբնակ հրեաները, հաղորդած է MSN-ը:

Նիստի ժամանակ քննարկուած է Միացեալ Նահանգներ ապրող հրեաներուն ձուլումը, եւ նախարարը նկատած է, որ քանի մը տասնամեակի ընթացքին խառն ամուսնութիւններու որպէս  հետեւանք, հրեաները 6 միլիոն մարդ «կորսնցուցած են», ինչպէս տեղի ունեցած էր Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ:

 
Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն մեկնաբանած է՝ ըսելով, որ իրեն աւելի շատ կը մտահոգէ ԱՄՆ հրեական համայնքի քաղաքական հայեացքները, քան խառն ամուսնութիւնները: Իր կարծիքով՝ ԱՄՆ-ի հրեաները աւելի ազատական են:


Փերեցի խօսքերը խիստ բացասական ընդունելութիւն գտան Միացեալ Նահանգներու մէջ:  «Խառն ամուսնութիւնները Հոլոքոսթի հետ համեմատելը չափազանց պարզունակ մօտեցում է ցեղասպանութեան: Այդ կը վանէ, կը բորբոքէ եւ կը վիրաւորէ համայնքի շատ մը անդամները»,- ըսած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի խորհրդական Ճեյսըն Կրինպլաթը:

Իսրայէլաբնակ եւ ամերիկաբնակ հրեաներու կապերով զբաղուող «Ռուտերման» հիմնադրամը յատուկ յայտարարութիւն կատարած է, որով պահանջած է աւելի յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերել: Ամերիկեան հրէական քոնկրէսը դատապարտած է նախարարի այս յայտարարութիւնը: