image
Հրատապ լուրեր:

«Հրթիռները Թուրքիան պիտի չփրկեն». Կարօ Փայլան

«Հրթիռները  Թուրքիան  պիտի չփրկեն». Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը անդրադարձած է Պոլսոյ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու թանկացման։

Կարօ Փայլանը Twitter–ի իր էջին գրած է. «Վառելանիւթը սղած է 22, թէյը՝ 15 քուրոշով։ Երկու օրուան մէջ կը լսենք նաեւ ելեկտրական հոսանքի թանկացման մասին լուրը, որուն կը յաջորդեն հարկերու բարձրացումները։ Խորը տնտեսական ճգնաժամ կ'ապրինք:

Ինչո՞ւ համար են այս ամէնը։ Ս–400 ու F-35 պիտի առնենք։ Երբ երկրի տնտեսութիւնը կը փլուզուի, հրթիռներն ու կործանիչները չեն փրկեր»։