image

Ամերիկահայ Սաղտըճեանները 20,000 ամն տոլար նուիրեցին Հայ Դատի յանձնախումբին

Ամերիկահայ Սաղտըճեանները 20,000 ամն տոլար նուիրեցին Հայ Դատի յանձնախումբին

 

Երկար տարիներու համայնքային գործիչ Աբօ Սաղտճեան եւ դուստրը՝ Նայիրին, 20,000 տոլարի առատաձեռն նոր նուիրատուութիւն մը կատարեցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, անոր հովանիին տակ գործող՝ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրի գործունէութեան դաշտին ընդարձակման սատարելու նպատակով:

Հայ երիտասարդներու քաղաքական, լրատուական կամ այլ ասպարէզներ մուտք գործելու ջանքերուն նեցուկ կանգնող նշեալ ծրագիրը արդէն իսկ նպաստած է առաւել քան 300 երիտասարդներու:

«Եղբայրս՝ Յովիկը, ամբողջ սրտով կը սիրէր Հայ Դատը, մեծ յարգանք ունէր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նկատմամբ։ Մեր ընտանիքը ուրախ է, որ այս տարի եւս պիտի կարենայ աջակցիլ Յովիկին յիշատակը ողջ պահող այս ծրագիրին, որ կը շարունակէ հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ ղեկավարման պատրաստելու ջանքերուն զօրակցիլ», կը  յայտնէ Նայիրի Սաղտճեան:

Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը համալսարանական նոր շրջանաւարտներուն առիթ կու տայ երեք ամիսով ձրիաբար ապրելու անոր կեդրոնատեղիին մէջ, երբ քոնկրեսական զանազան գրասենեակներու կամ այլ հաստատութեանց մէջ կ՛ամբողջացնեն իրենց վարժողական ծրագիրները, նոյն ժամանակ անոնց տրամադրելով արժէքաւոր խորհրդատուութիւն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սաղտճեաններու այս նորագոյն աջակցութեան համար՝ աւելցնելով, որ տարուէ տարի աւելի զօրացող ծրագիրը հպարտութեան աղբիւր մըն է Հայ Դատին, որուն խորապէս կը հաւատար համայնքին նուիրուած Յովիկը:

Յովիկ Սաղտճեանի կեանքը 23 տարեկանին ընդհատուեցաւ անողոք ինքնաշարժի արկածի մը իբրեւ հետեւանք, որ պատահեցաւ Յուլիս 2004ին: Ան գործօն անդամ էր ՀՄԸՄի ու ՀԵԴի՝ նպատակ ունենալով մասնակցիլ Ամերիկայի մէջ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու աշխատանքներուն: 2003ին, ան «Հող եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան հետ Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանք տարած էր ու Հայ Դատի յանձնախումբին հետ աշխատելու կողքին, մասնակցած էր նաեւ քոնկրեսական Ճորճ Ռատանովիչի եւ նահանգային ծերակուտական Ճօ Սիմիթեանի ընտրապայքարներուն: Ան նաեւ իւրայատուկ կապեր ունէր իր ծնողքին՝ Աբոյի եւ Ռոզինի հետ, ինչպէս նաեւ իր քրոջ՝ Նայիրիի հետ:

Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի յիշատակին, իր ընտանիքին ջանքերով 2004ին հաստատուեցաւ եւ Յովիկի անունը կրող հիմնադրամը գոյացուց առաւել քան 50,000 տոլար, որ տրամադրուեցաւ ծրագիրի ընդարձակման: Այդ թուականէն ի վեր, Սաղտճեանները շարունակաբար նեցուկ կանգնեցան ծրագիրին, եւ ի յիշատակ Յովիկի մօր՝ Ռոզինի, ու Աբոյի մօր՝ Սոնայի, յաւելեալ նուիրատուութիւններ կատարեցին:

Հիմնադրամին երկարակեացութիւնը ապահովելու նպատակով, ծրագիրին համար կը ծախսուին միայն գումարին ապահոված տոկոսները:

Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.anca.org/gateway կայքէջը:

asbarez.com