image

Սուրիացի փախստականներու դուստրը զոհ ՝արկածի

Սուրիացի   փախստականներու դուստրը   զոհ ՝արկածի

Սուրիացի ծնողներու   դուստրը  մահացած է  Գերմանիոյ մէջ։

 Այս  մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց  «Զալին-նիւզ»   դիմատետրի  էջը։ Աղբիւրը  նաեւ   յայտնեց, որ  Մարիամ  Մորո  անունով   փոքրիկը մահացած է  Գերմանիոյ Պատրպոն   քաղաքին մէջ  իրենց տան   մօտ  եղած  արկածին հետեւանքով։

 Դէպքին  մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն տրուիր։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ փոքրիկ   հրեշտակ Մարիամին  ծնողները   Սուրիոյ հիւսիսային   «Ալ Քահթանիյէ» շրջանի  բնակիչներ եղած են եւ անոնք պատերազմի   պատճառով հեռացած  ու հաստատուած են Գերմանիոյ  մէջ։