image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթի Ահմատ Պատր Ալ-Տին Հասսուն այցելած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարան

Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթի Ահմատ Պատր Ալ-Տին Հասսուն այցելած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարան

Երկուշաբթի, 17 յունիսին,  Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Դոկտ.Ահմատ Պատր Ալ-Տին Հասսուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուած է Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդին` Մասիս եպս. Զօպուեանի: Այս մասին կը հաղորդէ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը։

Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, միւֆթին ջերմապէս շնորհաւորած է առաջնորդ սրբազան հայրը Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ յաջողութեան ու արեւշատութեան իր մաղթանքները յայտնելով վստահեցուցած է, որ հոգեւոր առաջնորդները միասնաբար, գործակցութեան ոգիով սատար պիտի հանդիսանան սուրիական հայրենիքի վերականգնումի աշխատանքներուն:

Իր կարգին, առաջնորդ սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնած է սուրիական հանրապետութեան միւֆթիին այցելութեան առիթով` շեշտելով, որ հպարտ է սուրիական հայրենիքին, Սուրիոյ ժողովուրդին ու հայ համայնքին ծառայութեան նուիրուելուն համար:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ միւֆթիի գլխաւոր քարտուղար Պասել Ղըս Նասրալլա, իսլամ կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Տարօն Մակարեան, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի ներկայացուցիչներ: