image

Բացումը կատարուած է Հրանդ Տինքի նուիրուած «23.5» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին

Բացումը կատարուած է Հրանդ Տինքի նուիրուած «23.5» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին

Պոլսոյ մէջ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան մէջ բացուած է «23.5 Հրանդ Տինքի յիշողութեան» ցուցահանդեսը։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»–ը, Հրանդ Տինքին նուիրուած ցուցահանդէսի անուանումը՝ 23.5–ը վերցուած է 23 ապրիլ 1996-ին «Ակօս»–ի մէջ Տինքի  հեղինակած «23.5» վերնագրով յօդուածէն:

Ցուցահանդէսին այցելուները  աշխատակիցի ուղեկցութեամբ կը շրջին 145 քմ տարածքով ցուցասրահին մէջ եւ կը ծանօթանան Հրանդ Տինքի կեանքին, աշխատանքին եւ պայքարին։

Կը նշուի, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած է 60 տեսանիւթ, հարիւրաւոր լուսանկարներ եւ մինչեւ 2007 թուականի «Ակօս»–ի արխիւը՝ մուլթիմետիա տարբերակով։