image

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի տեղապահը պիտի ընտրուի 26 Յունիսին

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի տեղապահը պիտի ընտրուի 26 Յունիսին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 26-ին:

«Ժամանակ» օրաթերթի փոխանցմամբ, այսօր պատրիարքարանին մէջ Կրօնական ժողովի նիստ պիտի գումարուի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի նախագահութեամբ եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի ատենապետութեամբ: Ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին ու յստակեցուին յառաջիկայ ընտրութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր: Եկեղեցական աւանդոյթներու ու կանոնադրութեան համաձայն, տեղապահը կ՛ընտրուի Պոլսոյ Աթոռի հոգեւորականներու Եկեղեցական համագումարին կողմէ:

«Ժողովը պիտի ապահովէ, որպէսզի Յունիս 26-ի տեղապահի ընտրութեան օրակարգի շուրջ գումարուելիք Եկեղեցական համագումարը ունենայ իրաւական ամուր հիմք», -կը գրէ «Ժամանակ»-ը:

Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէն ետք այս տարուան Մարտ 8-ին Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանը համայնքի օրակարգ բերաւ նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը:

Մայիս 13-ին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլեյման Սոյլուի եւ Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Եէրլիքայայի պատրիարքարան այցէն ետք որոշում կայացուած էր ընտրել պատրիարքական տեղապահ, որն ալ պիտի համակարգէ Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Աւելի վաղ, Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի եւ կրօնական ժողովի ընդհանուր ստորագրութեամբ դիմում ներկայացուած էր Պոլսոյ նահանգապետարան՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան ժամանակացոյցը պետական մարմիններու հետ համաձայնեցնելու համար:

Թուրք պաշտօնեաներու պատրիարքարան այցէն ետք յայտարարուեցաւ, որ տեղապահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 23-ին կայանալիք Պոլսոյ ՏԻՄ ընտրութիւններուն յաջորդող օրերուն: