Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ հանրայայտ բժիշկ տօքթ. Անդրանիկ Տէմիրճեանը։ Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Լիբանանահայ բժիշկներու միութիւնը։
Տօքթ. Տէմիրճեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ՀԲԸՄ-ի «Յովակիմեան-Մանուկեան» վարժարանին մէջ, որմէ ետք եղած է Հայաստան, եւ ուսանելէ ետք հայաստանեան ԲՈՒՀ-երուն մէջ 1988 թուականին վկայուած է, որպէս բժիշկ։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերուն պէյրութահայ բժիշկը, ինչպէս շատ շատեր մասնագիտական օժանդակութիւն բերած է լիբանանահայ գաղութին։
Կը նշուի նաեւ, որ ան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով։
Տօքթ. Անդրանիկ Տէմիրճեանի հրաժեշտի վերջին արարողութիւնը տեղի ունեցած է այսօր՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած եւ ամփոփուած է Ֆըրն Ալ Շըպէք շրջանի Ազգային Գերեզմանատուն Տէմիրճեաններու ընտանեկան դամբարանին մէջ։