Հանրաճանաչ ֆրանսացի դերասան Ալան Տըլոնը տեղափոխուած է ամերիկեան հիւանդանոց փարիզեան արուարձան Նեյի սիւր Սէնի մէջ միկրէնի նոպայի պատճառով, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը՝ յղում կատարելով BFM հեռուստաալիքին:
83-ամեայ դերասանի մտերիմները հաւաստիացուցած են, որ ան լաւ է եւ դուրս պիտի գայ բուժհաստատութենէն 14 յունիսի երեկոյեան: «Ան պարզապէս կը հետազօտուի»,-հեռուստաալիքը մէջբերած է անոր օգնականի խօսքերը: Յաճախակի դարձած գլխացաւերու պատճառներէն մէկը, ըստ բժիշկներու, սրտի զարկերու տատանումն է (առիթմիա):
2017 թուականին Ալան Տըլոնը յայտարարած էր շարժանկարի իր դերասանական ասպարէզի աւարտի մասին: Ան նկարահանուած է աւելի քան 90 ֆիլմերու մէջ: Մայիսին կայացած Քաննի կինօփառատօնի ժամանակ ան պարգեւատրուած է պատուաւոր «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ»ով ականաւոր գործունէութեան համար: