image
Հրատապ լուրեր:

Ասանժի դատը 2020 տարուան գարնան

Ասանժի դատը 2020 տարուան գարնան

Հանրայայտ WikiLeaks ընկերութեան հիմնադիր Ճուլիան Ասանժը արտայանձնելու վերաբերեալ գործի լսումները պիտի մեկնարկեն 2020 թուականի վերջը:

Այս մասին կը յայտնէ ռուսական ТАСС գործակալութիւնը:

Մասնաւորապէս, կը հաղորդուի, որ լսումները պիտի մեկնարկեն 24 յունիսէն ոչ շուտ եւ պիտի տեւեն 5 օր:

Մեծ Բրիտանիոյ դատարանի նշանակած ամսաթիւի վերաբերեալ իրենց համաձայնութիւնը յայտնած են Ասանժի պաշտպանները:

Աւելի վաղ՝ 13 յունիսին, Մեծ Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Սաճիտ Ճաւիտը յայտարարած էր Ճուլիան Ասանժը արտայանձնելու վերաբերեալ ԱՄՆ հայցը ստորագրելու մասին:

WiliLeaks-ի գլխաւոր խմբագիրը ըսած է, որ Ասանժի գործի լսումները կրնան երկարիլ քանի մը տարի: