image
Հրատապ լուրեր:

«Հայ ընտանիքին սրբութիւնը պէտք է պահել անեղծ` հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ճամբով»․ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայ ընտանիքին սրբութիւնը պէտք է պահել անեղծ` հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ճամբով»․ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած կիներու լսարանը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական պատգամով: Աւանդութեան համաձայն, տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը կ՛ուղղէ վեհափառը, իսկ աւարտին ներկաները առիթ կ՛ունենան հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումներն ու առաջարկները:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց այս տարեշրջանի աշխատանքները եւ դիտել տուաւ, որ վեհափառ հայրապետը մօտէն կը հետեւի լսարանին` անոր աշխատանքներուն, ծրագիրներուն եւ հոլովոյթին:

Ապա, վեհափառ հայրապետը իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան եւ դիտել տուաւ, որ երկուքին միջեւ հեռաւորութիւն պէտք չէ գոյութիւն ունենայ: Մեկնելով Յիսուսի օրինակէն` ան նշեց, որ Քրիստոս երեք տարի ժողովուրդին մէջ ապրելով մօտէն հետեւեցաւ անոր առօրեային, եւ այդ իսկ պատճառով Աւետարանին մէջ կը տեսնենք մեր կեանքին հետ աղերս ունեցող առակներ ու դէպքեր: Վեհափառ հայրապետը ապա ընդգծեց, որ թէկուզ մենք կը ծնինք քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ, սակայն մկրտութեամբ քրիստոնեայ կը դառնանք, իսկ միայն Յիսուսի ճամբէն քալելով, մաս կազմելով Անոր ու հաղորդուելով Անկէ, կը վերածուինք իսկական քրիստոնեաներու: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ եկեղեցին քարեղէն կառոյց չէ, այլ ժողովուրդը ինքն է, ու պէտք է Քրիստոսին մեր հաւատարմութիւնը վերանորոգենք ու վերահաստատենք, որպէսզի կարենանք մօտենալ Աստուծոյ, որ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց` մարդը փրկելու ադամական մեղքէն:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին առիւծի բաժինը նուիրեց հայ ընտանիքին, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ փոքր եկեղեցի է, հետեւաբար, սրբութիւն է ան, եւ այս մօտեցումը պէտք է ունենանք հայ ընտանիքներուն նկատմամբ, ըսաւ ան: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ազգային դաստիարակութեան համար հայ մօր առանցքային դերակատարութեան եւ յայտնեց, որ ընտանեկան կրթութիւնը հիմքն է ազգային կրթութեան, եւ որքան տոկուն ըլլայ ընտանիքը, նոյնքան տոկուն կ՛ըլլայ ազգը: Բաղդատելով հայ ընտանիքներու անցեալի պայմանները ներկայ պայմաններուն հետ` վեհափառ հայրապետը յորդորեց հայ ընտանիքները, ի մասնաւորի հայ մայրերը, հաստատ մնալու իրենց հայեցի կրթութեան եւ հայկական ու քրիստոնէական արժէքներու փոխանցման մէջ, ու նկատել տուաւ, որ թէկուզ փոքրիկները իրենց տարիքին բերումով կրնան եկեղեցւոյ մէջ անհանդարտ մնալ, սակայն ժամանակի ընթացքին ու համբերութեամբ անոնց կրնանք սորվեցնել եկեղեցւոյ նիստուկացի օրէնքները, հետեւաբար պէտք չէ զրկել մեր մանուկները եկեղեցիէն, այլ պէտք է հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին, որ կ՛ըսէ` «ձգեցէք մանուկները ինծի գան»:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով բաժանմունքի վարիչ հայր սուրբը, ինչպէս նաեւ անոր օգնական հայր սուրբը եւ լսարանի մասնակիցները:

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ աջահամբոյրով եւ յիշատակի խմբանկարով:

Նշենք, որ կիներու լսարանը տեղի կ՛ունենայ ամէն երեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Լսարանին զուգահեռ տեղի կ՛ունենան նաեւ հիւրասիրութիւններ եւ ազգային ու եկեղեցական աւանդութիւններու տօնախմբութիւններ: