image

Տխուր դէպք Վոլկայի մէջ. Իր ընկերոջը փրկել փորձող 17-ամեայ հայ երիտասարդը խեղդամահ եղած է

Տխուր դէպք Վոլկայի մէջ. Իր ընկերոջը փրկել փորձող 17-ամեայ հայ երիտասարդը խեղդամահ եղած է

Օրերս Սամարայ մէջ՝ Վոլկայի լողափին, Տիգրան անունով 17-ամեայ դպրոցականը խեղդուած է, ան իր ընկերներու՝ Ալեքսանտրի ու Աշոտի հետ կը հանգստանար լողափին:

Տիգրանը նետուած է իր բարեկամը փրկելու, որ այդ պահին սկսած է խեղդուիլ: Տղուն յաջողած է փրկել եւ մինչեւ ափ հասցնել Ալեքսանտրը, որմէ ետգ Տիգրանը սկսած է խեղդուիլ:

«Երեխաները խաղցած են ջուրին մէջ եւ անցած են լողափի ջրային սահմաններէն, որմէ ետք սկսած է կտրուկ անկումը: Երեխաներէն երեքը սկսած են խեղդուիլ: Երկուքին յաջողուած է դուրս բերել, իսկ Տիգրանին՝ ոչ»,- կը յայտնէ Սամարայի Քոմսոմոլսքայա հեռուստակայանը: