image

Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայկական ջոկատին մէջ երկու կիներ կան

Լիբանանի մէջ  խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայկական ջոկատին մէջ երկու կիներ  կան

Յունիս 10-ին Լիբանանի մէջ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը մասնակցած է ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի մէջ ՀՀ զօրախումբի հերթափոխի դրօշի պաշտօնական յանձնման, ինչպէս նաեւ հայ խաղաղապահներուն շքանշաններու յանձնման արարողութեան։

ՀՀ դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է հայ խաղաղապահներուն պատասխանատու առաքելութեան իրականացման գործին եւ յաջողութիւն մաղթած նոր զօրախումբի անձնակազմին գալիք ծառայութեան ընթացքին:

Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու կեդրոնակայան կատարած այցի ընթացքին ՀՀ դեսպանը նաեւ առանձնազրոյց ունեցած է ջոկատի զօրավար Պրունճ Պիշիոթայի (Bruno Pisciotta) հետ, որ շատ բարձր գնահատած է հայ խաղաղապահներու իրականացոիցած ծառայութիւնը:

Երկուստեք կարեւորուած է առաքելութեան մէջ ՀՀ նոր զօրախումբին մէջ առաջին անգամ երկու կին զինուորներու մասնակցութիւնը: