Ծանր պատահար մը գրանցուած է Հալէպի մէջ, որուն հետեւանքով զոհուած է 25 -ամեայ օրիորդ մը։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Շապաքաթ ախպար Հալապ» դիմատետրի էջը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ կիսով չափ անդամալոյծ համարուող ` Ամալ Զայտան վար ինկած է իր բնակած տան պատշգամէն, որուն հետեւանքով ալ իսկոյն մահացած է։
Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է Հալէպի «Սալահ ալ տին» շրջանին մէջ։