image

Ախալքալաքի մէջ հայ երիտասարդի մը ձերբակալութիւնը քաղաքական հա՞րց

Ախալքալաքի մէջ հայ երիտասարդի մը ձերբակալութիւնը քաղաքական հա՞րց

Վրաստանի իրաւապահ մարմինները յատուկ գործողութեան արդիւնքով Ախալքալաքի մէջ ձերբակալած են 1992-ի ծնունդ ազգութեաբ հայ Քիմ Քումրոյեանը: Տան խուզարկութեան ժամանակ յայտնաբերած են «Մակարով» տեսակի ատրճանակ:

Երիտասարդի հարազատներն ու համախոհները, վրացական ընդդիմադիր «Ազգային շարժում» կուսակցութենէն, բողոքի ցոյց իրականացուցած են ոստիկանութեան բաժանմունքի մօտ՝ բողոքելով Քումրոյեանի ապօրինի ձերբակալութեան դէմ ու պահանջած անմիջապէս ազատ արձակել անոր:

Բողոքի ցոյցը դադրած է ոստիկանական բաժանմունքէն ներս երիտասարդի հօր հետ առանձնազրոյցէն ետք: