image

Տեսախցիկները դարձեալ նկարահանած են Հայաստանի «Կովկասեան յովազ»ը (Տեսանիւթ)

Տեսախցիկները դարձեալ նկարահանած  են  Հայաստանի «Կովկասեան յովազ»ը (Տեսանիւթ)

Կրկին ուրբաթ է, եւ կրկին մենք նկարահանած ենք մեր յովազը՝ հայաստանեան լեռներուն մէջ հանգիստ զբօսնելու ժամանակ: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է Վայրի բնութեան պահպանութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամը եւ կից ներկայացուցած է տեսանիւթ:  


Յիշեցնենք, որ կովկասեան յովազներու ներկայութիւնը արդէն նկատուած է մի քանի անգամ: Տարածքին մէջ տեղադրուած «թակարդ»-տեսախցիկները յունուարին երեք անգամ նկարահանած են անոր շարժը: Այն թոյլ կու տայ արձանագրել, որ Հայաստանի մէջ կան անհրաժեշտ պայմաններ եւ բաւարար սնունդ կենսաբաններու եւ կենդանասերներու ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուած այս կատուազգիի համար: